2016-01-27 13:53:00

Պատրիարք Լուիս Սաքօ`''Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը ծրագրուած գործողութիւն մըն է''


(Ռատիօ Վատիկան) Մարոքի Մարաքէշ քաղաքի մէջ կազմակերպուած ՝՝Մահմետական երկիրներու մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու  իրաւունքները՝՝  նիւթով   դասախօսութեան մը ընթացքին,  Քաղդէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ ելոյթ մը ունեցած է որուն  մէջ խստիւ դատապարտելով  Միջին Արեւելքի մէջ պատահածներ յայտնած է

՝՝Գաղտնիք մը չէ այն իրականութիւնը, թէ տարածաշրջանին մէջ միջամտողները դուրսէն եկող դերակատարներ են  ,որոնք կը գործեն  հիմնուելով իրենց սեփական համոզումներու եւ սնափառութեան վրայ։ Անոնք շահագործեցին ժողովրդականութիւնն ու ազատութիւնը որպէս միջոց,  մեզ զրկելու համար  մեր բնական հարստութիւններէն եւ Իրաքի ու Միջին արեւելքի մէջ  ստեղծեցին ահաբեկչութիւն՝  տարածելով ահ ու սարսափ։՝՝

Պատրիարքը անդրադառնալով ապա 2003-ին,  Ամերիկեան Ուժերու Իրաք  ներխուժման՝ տապալելու համար Սատտամ Հուսէյնի իշխանութիւնը, այդ մէկը  համարեց  որպէս  կանխամտածուած եւ կազմակերպուած պատմական յառաջխաղացումներու սկիզբ։   ''Իրաքը դէպի կործանում առաջնորդող ծրագիր մըն էր'' ըսաւ Պատրիարքը  աւեցնելով թէ ''սոյն  ծրագիրն  մէջ նախատեսուած  է նաեւ  կրօնական փոքրամասնութիւններուն ու  քրիստոնեաներու անհետացման ծրագիրը''։

Խօսելով Իրաքի մէջ ներկայ դրութեան մասին , Պատրիարքը զանազան օրինակեր բերելով ըսաւ,  թէ երկրին մէջ տակաւին կը շարունակուին քրիստոնեաներուն  դէմ խտրականութեան եւ արհամարհանքի դրսեւորումները։

Իսկ՝  փրկելու համար Միջին Արեւելքը  սոյն տաժանելի կացութենէն , Պատրիարք Սաքօ անհրաժեշտ նկատեց , ուսեալ մահմետական կրօնաւորներու կազմաւորման պահանջը, հակառակելու համար ծայրայեղականութեան՝ խօսքով ու գործով։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.